2010-12-20 16:40:49

Ընկերութիւն Մը Որ Կը Մերժէ Իր Հիւանդները Անողոք Է Եւ Տմարդի` Հարկաւոր Է Ստեղծել Սիրոյ Եւ Զօրակցութեան Կամուրջներ։


Հիւանդին համաշխարհային օրուան առթիւ, որ ամէն տարի կը զուգադիպի 11 մարտին, տօնը Լուրտի Տիրամօր երեւումներուն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց ընդգծելով թէ ընկերութիւն մը որ կը մերժէ իր հիւանդները, անողոք է եւ տմարդի` հարկաւոր է ստեղծել սիրոյ եւ զօրակցութեան կամուրջներ ։ Ընկերութեան չափանիշը կը կայանայ տառապողներու հանդէպ իր ցուցաբերած կեցուածքին մէջ։
Հիւանդին 19-րդ օրուան առթիւ, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիական իշխանութիւններուն որ աւելի ոյժ տան առողջապահական կառոյցներուն, օգնութեան հասնելու համար հիւանդներուն։ Հիւանդին, տառապողին եւ ընչազուրկին օգնութեան հասնողը, Յիսուսին ծառայած կ'ըլլայ։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով երիտասարդները կանչուած են ըլլալու ՜՜սիրոյ եւ զօրակցութեան կամուրջներ՝՝ անոնց հետ որոնք իրենք զիրենք առանձին կը զգան։








All the contents on this site are copyrighted ©.